2014-09-05 09:47:46

Շիմոն Փերես ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաջարկած է գլխաւորել ``Կրօններու ՄԱԿը``


Իսրայէլի երբեմնի նախագահը, խաղաղութեան մրցանակակիր` Շիմոն Բերես, 4 սեպտեմբեր 2014ին, առանձնական այցելութիւն կատարեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որուն ընթացքին Հռոմի Պապին առաջարկեց գլխաւորել ''միացեալ կրօներու կազմակերպութիւն մը''` տեսակ մը ``կրօններու ՄԱկ մը``, ըսաւ Շիմոն Փերես ''ֆամիլիա քրիստիանա'' շաբաթերթին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին։
Երբեմնի Իսրայէլի նախագահին համար Կազմակերպութեան նպատակն է միջոց մը գտնել ընդդիմանալու ահաբեկիչներուն, որոնք սպաննութիւն կը կատարեն յանուն հաւատքի։ Փերեսին գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարող է դառնալ կատարեալ Պետը ''կրօններու ՄԱԿին'', որովհետեւ իր ուժեղ ու պարզ քարոզներու զօրութեամբ Ան կարող է միատեղ հաւաքել կէս միլիոն անհատներ, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Այսօրուայ աշխարհը նման մարդու մը պէտքը ունի։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անվիճելի բարոյական հեղինակութիւն մըն է, որ բարձրաձայն կը բացագանչէ. ''Աստուած այդ չուզեր եւ այդ չարտօներ'' յայտնեց Փերես ու աւելցուց` ''Ան կ`ապրի իր հաւատքը առանց մարդ մը սպաննելու եւ ոչ իսկ այդ ուղղութեամբ կը մտածէ։ Ան իր խօսքով ու գործով ցոյց տուաւ իր արժէքը երբ անցեալ 8 Յունիս 2014-ին Վատիկան հրաւիրեց Իսրայէլի, Պաղեստինի նախագահները եւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարդողոմիոս Ա միատեղ ու միասնաբար աղօթելու''։







All the contents on this site are copyrighted ©.